March 31, 2012

act 4: Boston

Presentation of Queered: What's to be done with XCentric Art
The Celebration Women's History Month at Northeastern University, March 27, 2012

Being asked to present Queered left me in a kind of conundrum. How do I best represent the group, whose work should I show from the book and do I have the right to act as a kind of spokesperson for the collective?

I decided to do a portion of the presentation as a performance in response to Angela Harutunyan's performative essay Live from Angela: Apart We Are Together, from the Coming to You Not to be With You exhibition of the collective in 2008. I thought this would be a way of not just presenting the book, but responding to a part of the book live and pointing to the continuation of QY projects.

Live from the Flesh is performed through a live video feed, which is projected to the audience while my physical body is performing from a nearby room. I start the performance in near blackness calling out words which hold a negative connotation (in relation to colonialism, notions of progressiveness and loaded dichotomies) mixed with words of multiplicity, ambiguity and queerness. While calling out the words my televisual presence begins to surface as I wipe my flesh. There is a gap between my image and the audio, the latter reaching the audience beforehand.

Performing through a live feed is a way of contextualizing the virtuality of the group as well as responding to Harutunyan’s essay. In Amelia Jones’ essay Cinematic Self-Imaging, Jones uses Merleau Ponty’s theory on subjectivization and embodiment in which Ponty insists that we relate to the world as both embodied subject and embodied object that is both the seer and the seen. Jones argues that the screen can be thought of not as a border separating self from other, but as a place for exchange where self and other realize their reciprocal and simultaneous relationships that are mutating entities. This breaks down the oppositional model of subjectivity between self and other. My presence becomes embodied through the revealing of my face and body within the projection.

March 28, 2012

նախնական դիտում


March 27, 2012

act 4: boston








You are cordially invited to a QY happening

WHAT'S TO BE DONE WITH XCENTRIC ART

a presentation by Melissa Boyajian

Tuesday, March 27 2012, at 18:00

415 Huntington Avenue, Northeastern University School of Law, Dockser Hall Commons

March 25, 2012

petition against censorship

To support freedom of expression in Armenia, please sign the following petition:

http://www.ipetitions.com/petition/hovhannes-ishkhanyan/

March 22, 2012

ԽՕՍՔԻ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ

ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ

ՄՈՒՏՔ

Պէյրութի «Բագին» գրական պարբերագիրքին մէջ (Ապրիլ-Մայիս-Յունիս, 2011, էջ 44- 51) լոյս տեսաւ «Գրական Բացակայութիւն» խորագրեալ յօդուածը, որուն առաջին տողերուն իսկ անոր շարունակելիութեան կամ երկարաձգման մասին յստակ ակնարկութիւն մը կայ: Ներկայ գրութիւնը կը փորձէ խաղալ այդ արձագանգումի դերը, որովհետեւ խօսքը խօսք կը բանայ ու զայն սպառելու մեր կարելիութիւնները միշտ սահմանափակ են, թէեւ կը ծաւալին. կը գրենք, կը յիշենք, կը յուշենք ու դարձեալ կը գրենք: Ու այսպէս՝ շարունակաբար: Նախորդ անդրադարձով շատ մը հարցեր միայն կարճ մատնանաշումի մը ենթարկուած էին: Այստեղ պիտի կատարուին տեղ-տեղ որոշ ընդլայնումներ: Չմոռնալ սակայն, որ հարցերու փակումն ու բացումը (ու ասոնց միջեւ գտնուող սեղմ ակնարկները) իրարու կը ծառայեն ու ատով իսկ՝ իրարու կը պատկանին: Հարց մը բանալու համար հարկ է երբեմն լաւապէս զսպել ու պրկելու համար խցկել, լռելեայն աղաղակել, որպէսզի հասանելի ու անհրաժեշտ ըլլայ անոր ընդլայնացման գործողութիւնը: Անհրաժեշտութիւն մը սաստկութենէ մը ծնելու է: Եւ փակումը կապ չունի արգելակումի, արգելքներ պատնէշելու հետ, ինչ որ յաճախ շփոթի կ’առաջնորդէ: Բռնատիրական վարչակարգերն ու այդ մտայնութեամբ շարժող ոյժերն են, որ խօսքի ազատութեան սահմանագծումներ կը քաշեն:

Յօդուածին հեղինակը առաջին գրութեան առթիւ ուղղակի ու անուղղակի արձագանգներ ստացաւ, շատ աւելի անհատական քան հանգամանաւոր, թէ հակակշռուած թէ անհակակշիռ: Անոնց բոլորին ալ ներկայ ու բացակայ շնորհքը ընկալած է ու անոնցմէ ոմանց ստորեւ պիտի անդրադառնայ:

Փափաքելի է, որ գրութիւն մը այլ գրութիւն արթնցնէ ինքն իր, նաեւ ընթերցողին քով, ինքն իրմէ ու ընթերցողէն հեղինակ շահի: Արձագանգ գայ այս՝ մեր կողմէն ու դիմացէն, ուր ոչ միշտ պարապութիւն մը կ’իշխէ: Խօսքի տարածքը բացուի: Դիմացի լեցունէն եւ պարապէն գալիք արձագանգներու հետամուտ է այս գրութեան մղումը: Օդին մէջ սաւառնող, յանգումներու ու յենակներու չհասնող գրախօսքեր շատ կան մեր մամուլի էջերուն վրայ տարածուած: Շատ հատուածական ու միակողմանի: Փորձը կը պակսի՝ գրութենէ մը մեկնարկուած արտագրութենական յանգումներու եւ բախումներու առաջնորդող խօսքին, ինքնախօսութենէն անդին անցնողին ու թափանցողին, շարժողին, գրութենէն դուրս հանուողին, որ նաեւ գրութենէն այլ գրութիւն շարժումը կ’ապահովէ: Այդ կամուրջը նետելու վրայ ենք ամէն անգամ ճիգով մը, որ շատ աւելի կ’արժէ քան կորսուող ու կորսուելիք գրականութեան մը անմիջական, ճնշիչ ու յուսալքող գիտակցութիւնը: Ճնշումէն ծնած ճիգ պիտի շինէր յուսահատութենէն բարձրացող յոյսը (հմմտ. Ն. Սարաֆեանի մէկ խօսքին հետ՝ «Յուսահատութիւնս կ’աճի դէպի յոյս եւ հպարտութիւն»): Այստեղ Սարաֆեանին կատարուած յղումը կրնայ օրինակ ծառայել ընթերցումով սնուցուող աճի մը գործողութեան: Նման յղում ու յիշեցում կապերու ճշդումին դերը կը կատարեն: Այդ ճշդումները վերջնական չեն, ուր մնաց որ տկարութիւն կամ զօրութիւն նշանակէին: Ծագումնաբանական իմաստ ունին անոնք, մօտէն դիտուած:

ԴՈՒՆ Ո՞Վ ԵՍ

Առանց այս հարցումին ծանօթ ու հասարակ խօսակցութեանց մէջ ընդհանրացած արհամարհական կամ կիսովին արհամարհական գունաւորումին ակնարկելու, հարցումի աւելի լուրջ մակարդակի մը վրայ բարձրացուցած կը դիտենք զայն: Եւ լրջացուած հարցումին կայ հետեւեալ պատասխանը.- Գրելու համար պէտք չէ ինք մը ըլլալ, այլ գրութիւնն է որ ինքնութիւն կու տայ գրողին: Գրել չի նշանակեր՝ գրող ըլլալ (պահ մը մոռնալով թէ ինչե՞ր կրնայ նշանակել ասիկա) եւ յետոյ գրել, այլ գրութիւնն է որ գրող կը դարձնէ, կը հեղինակէ կանչելով քեզ:

Ուրեմն, ամէն մարդ կրնայ գրել, արտօնութեան մը հարցը չկայ բարեբախտաբար, այնպէս ու այնքան որ գրութեա՛մբ մէկը հեղինակ դառնայ, գրութեան եւ ոչ թէ իր այս կամ այն անուան շնորհիւ: Գրութիւնն է – եւ միայն անիկա – գրողի մը հանգամանքն ու հեղինակ ըլլալու պայմանը, ներկայութիւնը, որ միշտ անշուշտ բացակայութենէ մը կու գայ: Յստակ է որ ազատութեան մը կ’ակնարկուի այստեղ, որ կը պարտկէ անուն եւ հանգամանք: Անշուշտ այս անտեղի թուող բայց յստակացումի ի խնդիր կատարուած հաստատումները իբրեւ անհրաժեշտութիւն մեր օրերու ու ձեւերու հայելիին մէջէն կը դիտեն իրենք զիրենք:

Գրող մը եթէ կը սկսի տեղէ մը, ըսենք՝առաջին գրութեամբ մը, գրութիւնը ինք սակայն առաջնայինի, սկզբնականի հարցեր ու հաշիւներ չունի: Ամէն գրութիւն առաջնութիւն մըն է: Մուտքի արտօնագիր չկայ: Այս պատճառով ալ փափաքելի անհրաժեշտութիւն մը չէ գրութեան ուղղուած որեւէ առաջնորդող մեկնաբանումի ձեռնարկութիւն, որ անոր տեղ տալու արարքէն անդին կ’անցնի, գրութեան իսկ արտաքին ինքնութիւն մը կը հայթայթէ եւ հաւանաբար կը փորձէ պատասխան մը ճարել «Դուն ո՞վ ես»ին, պատասխանանման բանաձեւումի մը անհրաժեշտութիւնը զգալով: Անշուշտ գրութեան մը առաջնորդութիւնը ու ատով իսկ՝ բացատրութիւնը կատարող փորձեր միշտ անօգուտ չեն, նոյնիսկ շահեկան են, երբ գրութեան հեղինակին իսկ արտադրութիւնն են: (Հոս երկի մը մեկնութիւնը չէ որ հարցականի տակ կ’առնուի): Պարագաներ, ուր հեղինակ մը անպայման անհրաժեշտութեան առջեւ կը գտնէ ինքզինք իր երկին ու անձին միջեւ զետեղելու: Ինտրային ու Մեծարենցին օրինակները հետաքրքական են: Յակոբ Օշականը «Համապատկեր»ի իր տասներորդ հատորով շատ հեռու սահմաններ կը հասնի: Բոլորն ալ երկին հեղինակային բացումին կը միտին:

«Դուն ո՞վ ես» հարցումին պատասխանը հարցումն իսկ է:

ԱՆԱՆՈՒՆՆԵՐ

Անուններ տալ: Միայն մարդիկ չէ որ անուն ունին, այլ՝ երեւոյթները բնականաբար: Եւ անունը մէկ բառ չէ միշտ: Երբեմն անհունութիւն մըն է: Պէտք մըն է ըստ երեւոյթին հեղինակներու եւ երկերու անուններ տալ, ուղղակի մէջբերումներ կատարել, օրինակներ մատնանշել, ըսածդ հաստատելու համար: Հաստատել, հաստատուն գետնի վրայ դնել, ոչ թէ կարծես խախուտ պիտի մնար խօսքը: «Այս ըսածս ահա ասիկա կը նշանակէ՝ տեսէք, որ հասկնաք, թէ իրապէս ի՞նչ ըսել կ’ուզեմ: Ըսածս ինչի՞ մասին է ընդհանրապէս»: Ձեւով մը օրէնք, սպասելիք դարձած է այս մէկը: Վարժուած ենք: Կը փնտռենք այս հոլովոյթը: Սակայն այստեղ հատորներու եւ հեղինակներու անուանումով գալիքը չէ անհրաժեշտը:

Հարցը նաեւ չի վերաբերիր ուղղակի օրինակներ չտալով ճակատումէ խուսափումին: Ի վերջոյ երբ անուն չես տար, վերջնական յստակութիւն մը չես յայտներ, այլ ընդհանրութիւններու վրայ կը ծփաս: Աս չէ եղած սակայն դիտումը նախորդ յօդուածին այն մասերուն մէջ, ուր թերեւս անուններ կը սպասուէին: Դիտում մը կայ, որ անուններ կը ծածկէ, կը խեղդէ ու ատով կ’ուզէ թերեւս անոնց գրական բացակայութիւնը ճշդումի բերել: Սա չի նշանակեր որ յիշուած անուններն ու օրինակները, քանի որ անոնք իրողապէս կան նախորդ յօդուածին մէջ, իրենց յիշատակումովն իսկ կը խուսափին բացակայացման բովէն:

Ճիգ մը փորձուած է անուններ տալու փոխարէն եղած անունները լռելու, անանուանելու: Թերեւս այս լռութեան մէջ գտնուէր փոխանցուելիք պատգամը: Գրական բացակայութիւնը անուններու բացակայութեամբ գրականի մը շեշտուած երանգաւորումը կ’ուրուագծէ: Եւ ասոր համար տեղ մը պէտք է բացակայէին անունները, ուրիշ տեղ մը ներկայ ըլլալով հանդերձ, ըլլալու համար անանուններ: Ճիշդ ինչպէս որ հեղինակ մը իր ինքնութիւնը կը տարտղնէ գրութեան մը մէջ եւ հեղինակային բացարձակ ու շօշափելի ինքնութեան մը ծածկումը կ’ուզէ ցոյց տալ, թերեւս առանց խորհելու որ տարտղնումը ինք մէկ աղբիւր կամ միացած անուն ունի, այնպէս ալ այստեղ անունները կերպարանափոխութեան մը մէջ կը տարրալուծուին, կը դառնան տեղ մը անուն եւ այլ տեղ մը՝ անանուն:

Անուն եւ երեւոյթ կրնան իրարու տեղ փոխանակել: Գրական (ոչ միայն) անհատ մը կրնայ այնքան բնորոշիչ յատկութիւններ ունենալ, որ երեւոյթի կը վերածուի: Երեւոյթ կը յուշէ: Իր անունէն երեւոյթը անուն կ’առնէ: Ինք իբրեւ կենսագրութիւն նոյնիսկ կրնայ անհետանալ, բայց երեւոյթին թելադրանքն ու պատգամը կ’արմատաւորուին: Երեւոյթի վերածուած անհատը այստեղ մեծ մասամբ կորսուած ու լուծուած է: Ռ. Պարթ երբ «հեղինակին մահուան» կ’ակնարկէ, նաեւ ու մանաւանդ կը յուշէ անոր անուան թաղումը, մէկ անուան մէջ սեղմուելու յստակութիւնը ու ատով՝ երկնուած գործին յառնումին կարեւորութիւնը:

ՔԱՅԼ ՄԸ ԱՆԴԻՆ

Ապրում եւ կարողութիւն, սիրել եւ կրնալ: Ու մանաւանդ այս երկուքէն մեկնած՝ կարողութեան յղկում: Գրական թերթեր ճիշդ է որ հաւատքի, համոզումի, խանդավառութեան, յարատեւ ճիգի արդիւնք են: Ասքանը սակայն միայն սկիզբի մը համար: Խանդավառութիւնը շատ բան կրնայ ընել, ինչ որ բանականութիւնը պիտի չկարենար ընել: Իմաստուն խօսք մը: Կը շարժինք ու յառաջ կ’երթանք: Այնքան կ’երթանք որ մեր կեցած ըլլալն իսկ չենք զգար յաճախ: Ու ասիկա է հարցը: Նորոգումի, ինքնանորոգութեան անհրաժեշտութեան մը զգացողութիւնը: Բացին ցաւը: Ուզել եւ յուզել (գրաբար իմաստը առնել): Ուզելը կրնայ մեկնավայր մը ըլլալ, չէ ի բնէ, բայց կրնայ նաեւ սկիզբ եւ վերջ դառնալ միաժամանակ: Խօսքը իբրեւ անհրաժեշտութիւն ծաղկելու է առաջինէն դէպի երկրորդ մակարդակը, ուզելէն դէպի յուզել, ըլլալով նաեւ անցման փուլին՝ կամուրջին վրայ: Ան երբ մնայ առաջին հանգրուանին մէջ, առաջին աստիճանի, տտիպ, ոչ փոխանցիկ ու անփոխանցելի՝ կ’ունենանք հասունութեան պակասութիւն: Ի՞նչ են անոր նշանները: Երբ գրող ու թերթ չեն կարդար իրենցմէ առաջուան գործերը ու տեղեակ չեն առաջուան անցած-դարձածին, չեն կրնար գիտակից ինքնատեղաւորում մը կատարել աւանդութեան մը մէջ: Ու կը մնան առ անձինն: Եթէ հանճարի մասին է խօսքը՝ ըսելիք չկայ: Իր աւանդութիւնը ստեղծող ու բերող հանճար, որ չի կախուիր ուրիշ ճամբաներէ: Սակայն հանճարներու ժամանակը եթէ հայկական կարգ մը «ուղեղներու» համար դեռ բաց է, մեր կասկածամտութեան կարկինը շատ աւելի լայն բանալու պատրաստ ենք: «Հանճարներ» ու «մեծեր» կը տողանցեն մամլոյ ու առօրեայ գրեթէ բոլոր ճամբաներուն վրայ:

Բանաստեղծութիւնը գրուելէն ու հրապարակին տրամադրուելէն ետք պիտի ըլլայ խօսելի, ուսումնասիրելի, քննելի, մերձենալի: Ու ատոր համար տեղ հարկաւոր է: Ո՞ւր եթէ ոչ՝ գրական հանդէս մը, որ սովորաբար իրարու կը փակցնէ քերթուած ու արձակ, գրախօսական եւ զրախօսական՝ զանոնք քով-քովի, տակ-տակի կամ վրայ-վրայի հրատարակելով ու կը փակէ բանաստեղծաբանութեան կարելիութիւնները, հնարքը՝ արուեստը: Հոն ուր բանաստեղծութիւնը կարելի ըլլայ ուսումնասիրել: Ինքնա-հաւանութեան, այսինքն ինքզինքին հաւանելու փորձանքը չի կրնար փորձառութեան վերածուիլ: Ինքնափակութիւնը: Ան է թերեւս որ գրական խօսքին տարածքը եւս փակ կը պահէ:

Բանաստեղծութենէն զատ նաեւ քննող խօսքը երկ-խօսութեան պատրաստ վիճակի մէջ ըլլալու է: Միակողմանի՝ մէկ կողմը միայն տեսնող գաղափարախօսական սիւնակներով լեցուած գրական հանդէսներ, համայնավար կամ հակահամայնավար, նոյն կամ նման թափ ու շունչով, յանուն գաղափարաբանութեանց գործ(ածու)ող, շատ մը զուտ ու հիմնական հարցերու անտեսումն ու թերեւս ակամայ շրջանցումը կատարեցին անցեալ տասնամեակներուն ընթացքին, ոչ միայն, բնականաբար, հայկական աշխարհին մէջ: Գաղափարախօսութիւնը իբրեւ ինքնութիւն ու անկէ ալ՝ մերձեցման նախապայման:

Նորի, նորոգումի, վերանորոգումի աշխատանքը, որ կրնայ անհատական կամ հաւաքական ըլլալ, թէ արտաքին աշխարհին, թէ ներքին անհատական փորձառութեան թէ այդ բոլորին լեզուական արտայայտութեան հետ կապ ունեցող կրթողական գործողութիւն մըն է, որ փոխանակուող գաղափարներով, խօսքի անհրաժեշտ բացումով եւ ընթերցումներով, այս օրերուն մանաւանդ համացանցային փոխյարաբերութեամբ ստեղծելի մթնոլորտ մը կրնայ ըլլալ:

Ի՞նչ կը նշանակէ կարծիք յայտնել եւ ի՞նչպէս տեղի կ’ունենայ անիկա: Ինչպէ՞ս կրնանք անհրաժեշտութենէ մեկնած խօսիլ իրարու հետ, գրական մակարդակի մը վրայ, բերանացի կամ գրաւոր: Ճամբաները վերջնականօրէն փա՞կ են: Գրական մամուլը արծարծելի նիւթ մը մէջտեղ դնելու չա՞փ ալ անկար է թէ՞ գրական նիւթ գոյութիւն չունի ընդմիշտ:

ԼԵԶՈՒԻ ԽՆԴԻՐ

Հրատարակուած են բանաստեղծական գործեր, ուր արեւմտահայ ծագումով սփիւռքահայու կողմէ արեւմտահայերէնին տեղ արեւելահայերէնը գործածուած է: Չենք ուսումնասիրած այդ երկերուն արեւելահայերէնին որակը: Մանկութեան եւ սկզբնական՝ մայրենի լեզուին գործածութիւնը անշուշտ շատ բնական երեւոյթ մըն է: Օտար լեզուով արտայայտուելուն պատճառները շատ են: Աս պարագային սակայն կարելի է հարց տալ՝ արեւելահայերէնը օտա՞ր լեզու է: Որոշ չափով մը օտար է անշուշտ, հայերէնի տարբերակ մը ըլլալով պարզապէս: Սիրելով զայն ու անով հիանալով զայն գործածելը սխալ բան մը չէ: Սակայն սփիւռքահայերու կողմէ արեւելահայերէնին գործածութիւնը հարկ չէ որ հասնի մինչեւ այն հանգրուանը, ուր արեւմտահայերէնով բանաստեղծելու այսպէս կոչուած անկարելիութիւն մը, արեւմտահայերէնին իբրեւ թէ անբանաստեղծական լեզու ըլլալու «պատճառը» առաջ դրուի: Ահա այս մէկն է սխալն ու վտանգաւորը: Ամէն լեզու իր ձեւով ու չափով բանաստեղծական է, այնքան ատեն որ մենք տուեալ լեզուով գրուած բանաստեղծութեանց ծանօթ ենք: Լեզուի մը էութեան մէջ չէ անոր բանաստեղծական կամ անբանաստեղծական նկարագիրը, այլ անոր հետ տեղի ունենալիք յարաբերութեան, անոր գործածութեան ու ճանաչման: Ճիշդ ինչպէս որ ներկայ հայ բանաստեղծական փորձերու մեծամասնութեան ողորմելիութիւնը պատճառ մը չէ որ փակենք յոյսի դռները եւ հրաժեշտ առնենք բանաստեղծութենէն կամ այլ սեռէ մը ընդհանրապէս: Մշակութային կարելիութիւնը մշտապէս բաց պատուհան մըն է:

Այստեղ բաղդատութիւն մը շատ տեղին պիտի ըլլայ: Պուրճ-Համմուտի մէջ սնունդ առած երգիչները երբ «նոր» (նուազագոյնի իջեցուցած եմ այստեղ փակագիծերու գործածութիւնը, ոչ թէ ամէն բառ կարելի էր փակագիծերու մէջ խեղդել) երգեր կը մատուցեն հայկական հանրութեան, թերեւս իրենց «կնիքը» կամ «ինքնուրոյնութիւնը» յստակացնելու համար, երբեք չեն դիմեր արեւմտահայերէնին, այլ գրեթէ միայն արեւելահայերէնին, կարծէք «երգարուեստ»ի մը այժմէականացումը արեւմտահայերէնով անկարելի ըլլար: Այնքան որ եթէ յանկարծ զարտուղի մը բախտաւոր օր մը արեւմտահայերէնով երգ մը երգէ, ժողովուրդը կրնայ զարմանալ եւ բողոքել, կարծելով որ երգուածը հայերէն չէ...: Թեքում մը դէպի արեւելահայերէն, մեր օրերուն կատարուած, իր պատճառները ունի: Սակայն այս թեքումով եկած արեւմտահայերէնի անգործածելիութիւն մը արդարանալի չէ: Քաջալերական են Շահանդուխտի եւ Սարգիս Կիրակոսեանի նախաձեռնութիւնները, որոնք լիբանանահայ հերոսի մը ծննդեան կամ մահուան պարագաներուն առթիւ արեւմտահայերէնով գրի առնուած ոտանաւոր մը հայ երգիչին տրամադրութեան տակ կը դնեն:

Լեզուին հետ յարաբերութիւնն ու անոր գործածութիւնը կրնան տան մէջ պատահիլ, հոն սկսիլ, կրնան շատ անհատական ըլլալ (ի վերջոյ այս զուտ անհատական հանգրուանը վերջնական անհրաժեշտութիւն մըն է), կրնան դպրոցը տեղի ունենալ, երբ հայերէն լեզուի ու գրականութեան դասաւանդութիւնը ատիկա կատարէ, կամ ալ կրնան հաւաքական ընթերցումի մը ընթացքին զարգացումի հասնիլ:

ԺՈՂՈՎՈՒՄՆԵՐ

Գրական համաժողովներու դերը երբեմն խցանող կրնայ ըլլալ, խօսքին իսկ ի վնաս: Գրողներու հաւաք մը, աշխարհի որ անկիւնն ալ տեղի ունենայ, ի վերջոյ դրական երեւոյթ է, ուր գրականութեան խօսքը կրնայ տեղ գտնել: Հանդիսութեան ու ցուցադրութեան, տօնախմբութեան մթնոլորտը ստիպուած հռետորական ու ազգասիրական վիճակ ու կշիռ կը մատուցէ: Մանաւանդ այնպիսի համաժողովներու պարագային, որոնք գրականութեան էութեան անհաշտ կարգախօսներու կը պարտադրեն իրենք զիրենք: Գրականութիւնը ծառայ կը դարձնեն, փոխանակ անոր ծառայելու: Իրականութեան մէջ այն վայրն ու ժամանակը որ պիտի ծառայէր, եւ վստահ եմ որ որոշ չափով ալ ծառայած ըլլալու է ոմանց համար գոնէ, գրական հանդիպման ու վայելքի, կը դառնայ գրականութեան հարցերը մէկ ծրարէն (որովհետեւ արխիւ չկայ ընդհանրապէս) միւսին մէջ դնող ու թաքցնող առիթ մը: Մինչդեռ այդ հարցերը արեւուն լոյսին պէտք էր արժանանային: Նոր հարցադրումի ու ձեւաւորման ենթարկուելու են նոյն ու հին կարծուած հարցերը:

Գրակա՜ն վերջին լուր: Սփիւռքահայ գրողը դրամահաւաք կը կատարէ հայրենի գրողներուն ի նպաստ: Երեւոյթը չեմ կրնար բնորոշել: Ամենասրբազան առաքելութենէն մինչեւ ամենաստորաքարշը՝ բոլորն ալ կը սազին: Փորձեցէք: Թէ հաւաքարարներուն հայրենիքէն գալիք գնահատանքը, մետաղի կամ աղի ինչ տեսակի կտոր ալ ըլլայ, սա ձեռնարկին մղիչ ոյժը ըլլալու հանգամանքն ունի՝ շատ աժան ու գրեթէ անիմաստ բացատրութիւն մըն է: Հարցը կը վերաբերի սփիւռքահայ մտաւորականի տիպարին նեցուկ չկանգնելու երեւոյթին անմարսելի անմարդկայնութեան: Սփիւռքահայ մտաւորականի տիպարին անկարելիութեան կ’օժանդակէ յիշեալ երեւոյթը:

ՏԱԳՆԱՊՆԵՐ

Տագնապը կրնայ վիժիլ, երբ անոր չէ տրուած իր անունը։ Հոս, այո, պէտք մըն է անունը: Տագնապը եւ ոչ թէ խայտառակութիւնը արժանի է անուան: Տագնապ կար Զուլալ Գազանճեանին մօտ, մեր միակ հանդիպման, 2003ին, Վենետիկ, երբ ջղային կը խօսէր տեսակ մը արդիական բանաստեղծութեան դէմ ընդհանրապէս։ Համաձայն չէի կարծիքին, բայց կը բաժնէի տագնապը։ Կը տագնապէր, որովհետեւ խոր լրջութիւն մը կապած էր զինք իր հասկցած բանաստեղծութեան անքակտելիօրէն։ Այդ լրջութիւնը կ’արգիլէր որ ինք հեռաւորութիւն մը ստեղծէր իր եւ իր բանաստեղծական աշխարհին միջեւ: Ինք հոն էր, ընկղմած այդ աշխարհին մէջ, անխօսելի, այլամերժ, անհրաժեշտ, միայն իր ճշմարտութեան հերոս ու նահատակ: Այլամերժ անքակտելիութիւն մը, որ կրնայ շատ շուտ փակուղի առաջնորդել, զոր սակայն կարելի է յարգել։ Կը յարգես, որպէս ձեւ մը ձեւերէն:

Ինչպէ՞ս բարձրաձայնել տագնապին լռութիւնը, այն որ պէտք է խորաչափել գիտնայ, տեսնել հեռաւորութիւններ եւ մօտիկութիւններ, նմանութիւններ ու տարբերութիւններ։ Լռութիւնը, որ գիտէ խօսիլ եւ յետոյ լռել։ Այսինքն`բերել լռութեան խօսքը։ Քննադատութիւնը ընտրութեան արուեստ մըն է, որ այս տեսակի լռութեան մը հետ առընչուած է։ Ընտրութիւնը անխուսափելի է։ Կան ոմանք, որոնք իրենց հեղինակները կ’ընտրեն ու անոնց միայն կ’անդրադառնան. նախասիրութիւն` պիտի ըսէինք։ Կան ուրիշներ, ինչպէս Յ. Օշական, իրենց հայեացքին տակ կ’առնեն գրեթէ ամէն գրող, որովհետեւ ծրագրած կ’ըլլան ամբողջական, ընդհանուր պատկեր, «համապատկեր» մը գծել։ Այս վերջինները եւս, հակառակ իրենց ծրագրին, չեն կրնար ընտրութենէն խուսափիլ, որովհետեւ եթէ իրենց նախասիրած հեղինակները չեն ընտրեր, կ’ընտրեն, կը զատորոշեն իրենց մօտեցման մէջ ելակէտ, նախասիրութեան օրէնք, անգիր սկզբունք, որոնք իրենց «ընտրութիւն»ն իսկ են։ Իրենց մէջը կ’աշխատի ընտրամեքենայ մը։ Ընտրել օրէնքը, մօտեցումը: Եւ ըստ այդ իւրացուած օրէնքին, որ տեղ մը աշխարհըմբռնում ալ կը դառնայ, կ’ընկալես:

Երբեմն ընթերցողի կամ գրական հանդիսութեանց ներկայ գտնուողներու նուազ քանակը կը տագնապեցնէ: «Քանի՞ հոգի կու գայ արդեօք», հարց կու տանք: Անկում ու նահանջ կ’ապրի գրականութիւնը, քանի որ հետաքրքրուող չկայ: Անպայման գրողի մը գրողական կամ (անգոյ) քննադատութեան մը կողմէ ճանչցուած ու հաստատուած արժեւորումը չէ այստեղ խնդրոյ առարկան: Պետիկ Հերկելեան մը իր խենթ խառնուածքին եւ դժբախտ ճակատագրին ու այլեւայլ արժանիքներուն անունով շրջապատ մը ստեղծած է եւ հոն բանաստեղծութիւնը չէ անպայման որ մարդ, թիւ գումարած է, այլ բանաստեղծին կերպարը ու անով խանդավառուողներու փաղանգ մը: Հմայքը երբեմն տարբերելու է բանաստեղծութեան որակէն, առանց բնական հաւասարումի մը հասցնելու երկուքը: Ուրեմն կարելի է բանաստեղծի ու բանաստեղծութեան շուրջ թիւ հաւաքել, եթէ աշխատանք ու հոգ կը տարուի այս ուղղութեամբ: Եւ Պետիկին պարագային այդ աշխատանքը շօշափելի է: Բանաստեղծն ու բանաստեղծութիւնը հասկցողէ առաջ տէր, կամ աւելի ճիշդ՝ հետաքրքուող ունին աս պարագային: Տիրութիւն ընել, հոգալ՝ բանաստեղծութեան որակէն չեն մեկնիր անպայման: Խենթութիւնն ալ հանճար կրնայ ըլլալ, բայց բարեբախտաբար ոչ բոլորին պարագային:

Այստեղ կը մնայ հարցումը՝ տուեալ դժբախտ ճակատագի՞րը, խնդրոյ առարկայ բանաստեղծութիւ՞նը, հեղինակին շուրջ ստեղծուած հետաքրքրութեան օղա՞կը թէ՞ մեր հասարակութեան մօտ ընդհանրապէս բանաստեղծութեան հանդէպ (իբր թէ) առկայ «սէրը» շարժիչ դեր խաղացած են, մարդ հաւաքած են այս անուան շուրջ: Կրնան այս բոլորն ալ դեր մը ունենալ: Բանաստեղծութեան վրայ եկած ու հագցուած շերտեր են ասոնք, որոնք երբեմն բուն իսկ միջուկը, բանաստեղծութիւնը կը ծածկեն ու երբ յանկարծ զուտ բանաստեղծական արժեւորման իմաստով հարց կու տաս՝ ինչի՞ մէջ կը կայանայ Թումանեանի մը, Իսահակեանի մը կամ Շիրազի մը այնքան ընդհանրացած «մեծութիւնը», պատասխանները չեն գար անպայման տուեալ բանաստեղծներուն երկերէն, այլ անոնց՝ ժողովրդական ըլլալու հանգամանքէն: Եւ ժողովրդական բանաստեղծ մը անպայման որակ չէ գրական քննադատութեան համար: Այնպէս ինչպէս հանրածանօթ կամ հանգամանաւոր մարդ մը միշտ որակաւոր մարդ մը չէ: Բանաստեղծներու շուրջ ստեղծուած հմայքի շրջանակները կը վերածուին անոնց երկերուն շուրջ կազմուած պատերու եւ յաճախ անոնց երկը անմերձենալի ու չկարդացուելիք կը դարձնեն: Ուրեմն բանաստեղծական կորիզի մը հասնելու համար կարեւոր է պատնէշներու քանդումը: Մեծ հարց մը պիտի չըլլար ասիկա, եթէ տուեալ բանաստեղծի մը մասին «ժողովուրդ»ին եւ «գրական քննադատութեան» կարծիքին միջեւ տարբերութիւններ ըլլային: Գրեթէ բոլոր «ժողովրդականացած» բանաստեղծները գրական քննադատութեան ալ կողմէ պաշտամունքի առարկայ կը դառնան: Սա հաշուով «ժողովուրդ»ն է մեր քննադատութիւնը, տեղ մը:

Գրութեան մը մէջէն ժամանակին արձագանգելու խնդիրը քիչ մը բանալու համար կրնանք ակնարկել նոր ժամանակներէն Գրիգոր Պըլտեանի ու Մարկ Նշանեանի գրական վերլուծումներուն: Հոն միտքերու, տողերու, ակնարկներու, անչակերտ մէջբերուածքի կարելի է հանդիպիլ, որոնք իրենց աղբիւրը ունին ֆրանսացի ու գերմանացի շարք մը փիլիսոփայ գրողներու երկերուն երկայնքին, որոնք իրենք իրենց կարգին ալ կը վերբերեն այլ հեղինակներ: Իրարու մէջէ անցում մը տեղի կ’ունենայ այս ձեւով: Կ’արժէ օր մը, օրինակ, Գ. Պըլտեանի ՏՐԱՄ հատորը ձեռք առնել եւ քայլ առ քայլ մատնանշել, ցոյց տալ, ընդգծել Ֆ. Նիցչէի, Մ. Հայտեկըրի, Ռ. Պարթի, Ժ. Տերիտայի եւ այլոց միտքերը, յղացումները, արտայայտաձեւերը: Խօսքը չի վերաբերիր բացայայտ ակնարկութիւններու կամ չակերտեալ մէջբերումներու: Անուշադիր ընթերցողն ալ գիտէ, որ «ընթերցում»ի մօտեցման եզրին հետ կերպը ֆրանսական աղբիւր, համ ու հոտ ունին: Կը մնայ հիմնական աղբիւրները առնել ու բաղդատել, նմանութիւններն ու տարբերութիւնները ընդգծելու համար: Յստակացնելու համար վերջապէս թէ անցումները ի՞նչ գործողութեամբ տեղի կ’ունենան: Ստեղծումը ու՞ր կը սկսի: Մեր նպատակը այդ չէ հոս: Ոչ ալ բնականաբար որեւէ տեսակի նսեմացում կամ վսեմացում կատարել: (Նման փորձեր՝ հարուածներ դէպի վեր կամ վար, հարցին մէջ չեն մտներ): Այս ընթացքը ոչ սխալ է, ոչ գիւտ, ոչ հրաշք, ոչ բանագողութիւն, այլ` գոյաբանութիւն: Ասիկա «օտար»ին հետ հաշուի նստելու, խօսելու, ի վերջոյ մշակութային շրջապատիդ եւ ոչ թէ օդին մէջ նստավայր հաստատելու արարք մըն է: Սփիւռքին մէջ կայք հաստատելու, օտարին եւ քու միջեւ լեզուակեցութեան կամուրջ մը նետելու, տեղայնանալու փորձ մըն է: Ընդ-օրինակելը շրջապատը զգալ կը նշանակէ առաջին հերթին: Ինչպէս օտար լեզու մը կը խօսիս, օրինակը լեզուիդ կը բերես կամ օրինակովդ լեզուին կ’երթաս – բերել կամ երթալ –, ոչ թէ օտարացում, այլ օտար(ի իւր)ացում, օտար(ի անձնական)ացում: Թարգմանութիւն մըն է ամէն կարծեցեալ ստեղծում: Ուղղակի թարգմանութիւններէն անկախ, ինքնագիր ու անչակերտ երկերուն մէջ ներքին թարգմանութիւններ տեղի կ’ունենան, փակայայտ ու բացայայտ:

Ազատ ու անկաշկանդ խօսիլը պէտք մըն է: Պարապ թուղթը բռնաբարող ձաբռտուքի մասին չէ խօսքը: Սնանկացած խմբագիրները թող ուրախանան այդ ձաբռտուքներուն դէմ յանդիման եւ երբեք չգիտնան, որ քսան կամ յիսուն տարուան ձաբռտուքէ ետք լռելը պէտք մըն է: Եւ անհրաժեշտութիւնը կը կազմէ կորիզը խօսալից լռութենէն անցնող թարգմանութեան: Ինչի՞ անհրաժեշտութիւն: Խօսելու եւ լռելու: Մէկը՝ միւսին համար: Խօսքը հրաժեշտ պէտք չէ տայ կամ առնէ: Իր հիմքերը նետելով ու բարձրանալով դառնայ ան ներկայութիւն ան-հրաժեշտ: Ինչպէ՞ս լեզու տալ չգրուածին։ Կայ, ներկայ է ա՞յն միայն, որ գրուածն է։ Կարելի՞ է լռութեան լեզու տալ, եւ պատմել անոր կացութիւնը, կանչել զայն դէպի գոյութիւն։ Դարձեալ՝ խօսքը անհրաժեշտութիւն մըն է:

___
Հրապարակվում է առաջին անգամ։

March 19, 2012

հայելային սիմետրիա

March 18, 2012

act 3: new york city


@ word up community bookstore
march 14, 7pm
photographs by aram jibilian

March 7, 2012

Support Meem


From our friends in Lebanon:

Bareed Mista3jil ('mail in a hurry') is a book published by Meem, 'a community of  lesbian, bisexual, queer women and transgender persons (including male-to-female and female-to-male) in addition to women questioning their sexual orientation or gender' in Beirut, Lebanon, and is a collection of stories about  sexuality from all over Lebanon. 

Read more here about the book: http://www.bareedmista3jil.com/about.htm  and about Meem: http://meemgroup.org/news/

A few months ago, a proposal was sent out to bring the staged reading to the AWID (Association of Women in Development) conference being held in Istanbul, Turkey, in April and it was accepted. 

Meem is now raising the funds to bring readers to the conference. YOU CAN SUPPORT US by making a pledge on Kickstarter at: http://www.kickstarter.com/projects/66395058/bareed-mista3jil-queer-arab-womens-stories-staged

There you can watch a video about this project and read more about it. We are very excited about bringing these voices to potentially thousands of conference participants at AWID so please consider making a donation! Whatever you can offer is greatly appreciated.

March 2, 2012

AMINA ARRAF: A “Queered” Antidote

Nancy Agabian writes in the March issue of The Brooklyn Rail:

An event that seemed to measure American writers’ tolerance for dealing with race took place last year when the poet Claudia Rankine, who is black, took offense to “The Change,” a poem by Tony Hoagland, who is white. The speaker of “The Change,” who is also white, describes a black tennis player in stereotypically racist terms and then reveals that “I couldn’t help wanting / the white girl to come out on top, / because she was one of my kind, my tribe, / with her pale eyes and thin lips.” The narrator also celebrates the win of the black player as “the end of an era,” closing on the line, “and we were changed.” When Rankine asked her colleague about the poem, he admitted that the speaker was racist, made it clear that he wasn’t the speaker, and stated his preference not to explain the poem to a poet, adding, “This poem is for white people.” Rankine responded at the Associated Writing Programs conference with more questions, unsure whether Hoagland was aware of the poem’s lack of condemnation for racist attitudes. Further, she sensed that his claim that the poem was “for white people” was taking a historical form of entitlement, telling her, a black woman, to back off. She concluded her speech by pleading, “Language that feels hurtful is intended to exploit all the ways that I am present. My alertness, my openness, my desire to engage my colleague’s poem, my colleague’s words, actually demands my presence, my looking back at him. So here I am looking back, talking back and, as insane as it is, saying, please.” Rankine went on to call for submissions from writers of all racial backgrounds to broaden the discussion about “creative imagination and race” on her website. What resulted was a cavalcade of voices, asking and defending who gets to say what, why, how, and about whom in terms of race. [. . .]

I write this examination on racism, sexism, and representation in conjunction with the release of a book that I have been involved with for a few years: Queered: What’s to be done with Xcentric Art, a catalogue and document of the work of Queering Yerevan, a collective of Armenian women writers, artists, and activists living in Armenia and in the Armenian diaspora in the U.S., Europe, and North Africa. As we discussed how to promote the book, some members mentioned that they didn’t want the audience to be limited only to queer and/or Armenian readers. This called up the “nobody cares” voice in me, not so different, I now realize, from MacMaster feeling unheard because of his identity; it also helped me respond to the Amina scandal of last summer in a way I couldn’t do till now, with the power of a collective behind me.

The original members of Queering Yerevan (QY) communicated to each other first over a listserv as they found each other, became acquainted, compared their life experiences, then debated their purpose. Eventually they came to create three annual art events together as well as posting regularly on a shared blog. The book represents this work, sandwiching images from the exhibitions between texts that represent the group’s history: e-mail correspondence, rejection letters from foundations for support, resignations from various members, challenges to art institutions, a report on an art demonstration against militarism, an academic treatise on queer aesthetics, and an open letter in protest to homophobic articles about homosexuality in the Armenian media, among other documents. Much of the work isn’t translated, so there are Armenian texts that will remain mysterious unless you find an Armenian reader to sit with you and go over them—and Armenian readers won’t understand the English unless they find a translator as well: This represents the way the group communicated to each other, with speakers of different abilities among us.

Read the full article here.

a queering yerevan happening in nyc