November 27, 2011

ԳՐԱԿԱՆ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

Իշխան Չիֆթճեան

Սփիւռքի ներկայ գրական ընդհանուր մթնոլորտին, յատկապէս բանաստեղծական ու գրական քննադատական ձգտումներու, ուղղութեանց եւ տրամադրութեանց պիտի անդրադառնայ այս ակնարկը: Ակնարկ մը իբրեւ անդրադարձ՝ անդրադառնալ, դառնալ այն կողմ, որ թերեւս չկայ, քանի անոր բացակայութիւնն իսկ շարժումն է այս գրութեան: Դառնալ քան խորանալ մանրամասնութեանց մէջ: Խորութիւններ ու երկարաձգումներ հաւանաբար ուրիշ առիթներով գան: Շատ մը կէտերու մէջ նաեւ Հայաստանի ներկայ գրականութեան կրնայ վերաբերիլ այս գրուածքը: Այս իմաստով Հայաստանն ու Սփիւռքը լաւ կը հասկնան զիրար:

Ժամանակընկէց շրջան

Այսօր ամէն բանաստեղծ կատարելութեան մը մէջ բանտուած է ու խուլ: Յարատեւութիւնը շփոթուած է առաքինութեան մը հետ, առանց հարցնելու թէ ի՞նչ որակի յարատեւութեան մասին է խօսքը: Ի վերջոյ յաւերժութիւնը իբրեւ «հայկական առաքինութիւն» կը կրկնենք, արդէն շատոնց առանց ամօթի: Գրելու համարձակութիւնը աստիճան մըն է, բարձրութիւն մը չէ: Գրել շարունակելը թերեւս յարատեւութեան ջիղի մը մասին կը վկայէ – շնորհք մը չէ: Թուղթ ու գիրք քով-քովի շարելը երբեմն թերեւս յամառութիւն է միայն: Ողողել էջերը – բայց ինչո՞վ: Ողողելու՞ն՝ երեւոյթի՞ն վրայ կեդրոնանանք թէ՞ բովանդակութեան որակին: Ողողելու արարքը, արտադրումը մեքենականութիւն մըն է, որ շարունակականութիւն կ’ապահովէ: Եւ երբեմն պէտք է, բայց ոչ՝ նպատակ: Արագութեան դարը կրնայ շատ դիւրաւ անառակութեան տանիլ, անոր լաւ եւ գէշ կողմերուն: Գրեմ-անցնիմ: Ժամանակին յարմարի՞լ թէ՞ ժամանակին անուն տալ, զգալ անոր նրբութիւնները, լսել անոր ձայները: Ժամանակին մէջէն խօսիլ:

Միջակութիւններ կ’արտադրուին, բանաստեղծներու աճը շատ զօրաւոր է, (գրական) թերթերը լեցուն են միջակութեանց տարբերակներով, բանաստեղծները անզօր են իրենց արտադրութիւնը ներկայացնելու, հոն գրական քննադատութիւն բացարձակապէս գոյութիւն չունի, բացի յաւուր պատշաճի անհամութիւններէ, որոնք ի զօրու են քանի մը անյօդ նախադասութիւն, ոչ սակայն միտք քով-քովի դնելու, գրական քննարկումը կռուի հետ կը շփոթուի, երանի ըլլայ գրական մակարդակի կռիւ. ու այս բոլորէն կը տուժէ գրականութեան մը կեանքը, կենսունակութիւնը:

Հայերէնի նախնական ու երբեմն նոյնիսկ անկար գիտութիւն մը կը փրկէ, իբր թէ կը փրկէ նորելուկ բանաստեղծներու փաղանգի մը գոյութիւնը, որ մէջտեղ ինկած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ գաղութներուն մէջ: Երեւոյթը, թէ նոր անուններ կան հրապարակի վրայ, կրնայ մխիթարութեան մը խաբկանքը բերել: Քանի լեզուն արտադրող մէջտեղ կը դնէ, ուրեմն դեռ ուժ մը ունի, կը խորհինք յաճախ: Որպէսզի մասամբ իմացուած լեզուին թերեւս ուժական իմաստ մը կարենայինք տալ այս ձեւով: Գուրգուանքի՝ «նորերուն» նկատմամբ գուրգուրանքի պակասի մասին կը խօսուի կամ կը գրուի, եւ ոմանք պաշտպանողական դիրք կ’առնեն, Քաջ-Նազարի պատերազմ ալ կը մղեն, նախ՝ իրենք իրենց դէմ, որովհետեւ թիրախներու ճանաչման դժուարութիւն ունին, ու իբր թէ նորերը կը պաշտպանեն: Իսկական գրական հետաքրքրութիւն, նորերով կամ հիներով, գոյութիւն չունի: Հետաքրքրութիւն չի նշանակեր բանաստեղծական գիրք տպել, տեղ տալ, լսել. հետաքրքրութիւնը կը սկսի հոն միայն, ուր երկխօսութիւն ու քննարկում, բանաւոր ու գրաւոր, տարբեր ճակատներու բախում գոյութեան կու գան: Գրականութիւնը լուրջի առնող մարդիկ տարիներով կը վիճին գրական հարցերու մասին: Գրական խնդիրներու երկայնքին կ’ապրին: Անոնց քովն ի վեր է իրենց գոյութիւնը: Մինչեւ որ եզրայանգումներու գան: Ու եզրայանգումները կը յաջորդեն իրարու:

Միջին արեւելեան մամուլը «նորարարութիւն» բնորոշումը կը գործածէ, գուցէ տասնամեակներէ ի վեր, առանց այդ բնորոշման աստիճաններն ու նրբութիւնները սահմանելու: Սկզբնական շրջանի մը եթէ ան զայն գործածողներուն աչքին ժխտական գունաւորում ունէր (ու թերեւս կարգ մը ուղեղներու համար մինչեւ հիմա ալ ունի), հիմա զգուշութեամբ մը անոր կը տրուի դրականամերձ երանգ մը: Նոր արարեալը իբրեւ այդպիսին գէշ չէ՝ կ’ըսուի ու կը մտածուի: Կարգ մը մօտեցողներու համար Իսթանպուլահայ արդի բանաստեղծութիւնը տիպարային օրինակն է նորարարութեան, իմա հոս՝ արդիականութեան: Արդիականութիւ՞ն կ’ուզէք, տեսէք, կայ փորձը ի Պոլիս: Գոնէ Զահրատի մը կիկոյաբանութիւնը «հասկնալի» է, ըստ այսպիսիներուն: Հասկնալուն չի տրուիր սակայն իմաստներ ունենալու կարելիութիւնը: Ընթերցողը կարծէք բնական իրաւունք մը ունենայ հասկնալու եւ հասկնալը ըլլայ միաձեւ ու մի: Ընթերցողական զգայնութիւն մը կայ, պէտք է ըլլայ, որ հասկնալը կը զարգացնէ:

Հոս գրական միջին մակարդակ մը ներկայացնելը քաջագործութիւն եւ նպատակայարմար պիտի չըլլար, բայց չի դադրիր ան պէտք մը ըլլալէ: Կը կարդանք երբեմն արեւելահայերէն դարձող կիսարեւմտահայերէնի անկեալ լեզուով տողեր: Բռնի ուռեցուած բառերու ու կէտադրական նշաններու պայթումներ, ինքնակործան խիզախումներ: Ուշացած ու լլկուած յեղափոխութեան մը բառապաշար: Չպեղուած, չկարդացուած, չտեսնուած բառերու թափուելիք կրկնութիւն: Գիտական կամ հոգեբանական բառապաշարի ու ակնարկութեանց գործածութենէն մեկնած գիտոսիկութեան հանդիսադրում: Բովանդակային մակարդակի մը վրայ կ’ունենանք հետեւեալ պատկերը.- կամ ելեւէջ մը ալեկոծ՝ պարտութեան կամ տխրութեան յաջորդող յաղթանակ կամ ուրախութիւն, առնելով ամենէն տափակները օրինակներուն. կամ հարթ գաղափարներու թաւալք, ուր բարձրութիւններ ու խորութիւններ չեն բացայայտ, ետ ու առաջ չկայ, այլ հաւասարութիւն. կամ հերոսական ոգիի մը պատասխանող ասք՝ յեղափոխաշունչ, ոչ գիւտ կամ որոնում, այլ արդէն ծանօթի տարբերակային վերարտադրութիւն: Կամ ալ սիրալիր մեղկութիւն՝ սիրային ոլորտի մէջ թափառող: Տեղ մը՝ Իբր-թէ-կեղծ-Վ.-Օշականութիւն մը: Կեղծը պիտի ունենար գոնէ Օշականի հարցերուն փոխադրութիւնը, օրինակումը ու ապա՝ վերափոխումը: Իբր-թէ-կեղծը չի դառնար իսկ անոր հարցերուն շուրջ, անոնց տագնապի հասկացողութեան հանդէպ կը մնայ միշտ անզօր: Լեզուին հանդէպ անփթութիւնը յաճախ ներկայ է:

Սկսնակի հովեր են ասոնք երբեմն, «բուսաւ-հասաւ»ներու խումբ մը, բնական, Մեծարենցեան «ճամբէն»ի կրկնութեան ճամբաներէն: Իսկ երբ «բանաստեղծութիւն» կամ «քերթուած» բառերը կը խուժեն դէպի գրուածքը, պահ մը եթէ մոռնանք ու հանգիստ թողունք՝ երգ ու երազ, հոգի ու ոգի, սէր ու խէր ու նման բանաստեղծա-անբանաստեղծական եզրեր, կը յայտնուի գիտակցութիւնը քերթուած մը գրելուն, որ միայն ցուցական հանգամանք մը ունի կատարուած փորձերուն մէջ յաճախ:

Մխիթարիչ հետաքրքրականը նորերուն մօտ հայաստանեան կոպիտ հայրենասիրութենէն մասնակի շեղումն է, գէթ ներկայիս. ճիշդ, թերեւս բնազդով մը, շեղում մը, միակ այն վտանգով, որ սա շեղումը երթայ ու քսուի իսթանպուլահայ բանաստեղծական ափերուն: Զի ոմանց համար քերթողաբար «փիլիսոփայել» կը նշանակէ միմիայն Պոլսոյ մերձենալ: Դպրոցական փակում մը ունի իսթանպուլահայ արդի բանաստեղծութիւնը: Ոչ ժխտական յատկանիշ, ոչ ալ անպայման առաւելութիւն:

Ի՞նչ կը փնտռենք: Ազդեցութիւն՝ ազդել ու ազդուիլ մայրերակներէն (իւրաքանչիւրը նախ կը փնտռէ, կը ստեղծէ իր մայրերակը), տպաւորութիւն, կապկելու, կրկնելու, կռուելու ու տարուելու շնորհք: Ճարտարութիւն, օրինակելու գիտութիւն, բերուած կամ մասամբ ինքնագիւտ, իւրացնելու տաղանդ: Արձագանգելու փորձարկում: Յիշելու, միտք պահելու ուշիմութիւն: Արթնութեան ու հսկողութեան, ուշադրութեան, նկատողութեան, սեւեռումի զարգացում: Յարատեւ, բայց յառաջացող փորձարկում՝ փոխանակ արտադրողական անսրբագրելի ինքնապարտադրանքի: Ո՞վ դրած է այդ չշալկուած բեռը: Լեզուին իմացումով եկած առճակատում անոր հետ: Անոր կարելիութեանց վերաբերում: Ընթերցումով կրնային գալ այս բոլորը: Խաբուելու եւ խաբելու կարողութիւն: Աճպարարութիւն: Կեղծի ու իսկատիպի շրջում, հաւասարում, ետառաջութիւն կամ տակնուվրայութիւն՝ իմաստի, բառաշարի: Խզում ու մեկնում: Բացակայութիւն:

Նաեւ ու մանաւանդ՝ գրուող բանաստեղծութեանց բազմամակարդակ ընթերցումը հեղինակներուն իսկ կողմէ:

Պիտի ըլլան բոլոր կարգի ու սարքի գրողները: Կան միջին տարիքէն անդին անցնողներ ու նորապսակներու շարք մը: Այսօր միջին տարիքի շուրջ դարձող բանաստեղծներու փաղանգ մը կայ, որ չի կրնար ընդունիլ, որ (ընդհանուր բանաձեւումով մը ըսած) առաջին քանի մը հրատարակութենէ ետք, դէպի ինքնահաստատում գացած, ահաւոր վայրէջք մը նշող «երկրորդ կիսու» երկրորդական հատորներ կը հրատարակէ ան, ինքնահաստատումը դնելով մնայուն փնտռտուքի մակարդակին վրայ ու ասիկա շատ արտաքին ձեւով մը, ոչ էութենական: Ասոնք կը մնան կողմնակի փողոցներու կարգավիճակին մէջ: Կրնայ պատահիլ նոյնիսկ, որ ամենէն ինքնահաստատ բանաստեղծն անգամ փորձուի տկար քերթուածի մը հրատարակութեամբ զարմացնել: Նման վրիպումներ հասկնալի են տեղ մը, սակայն այս տեսակէն՝ հատորի մը հրատարակութիւնը արդէն բանաստեղծական գիտակցութեան մը պակասը կամ խաթարումը կը յիշեցնէ: Խեցբեկում ու ներքին ուժական ջլատում: Արտադրութիւն մը այսպէս՝ արտահանում ու արտաքսում աւելի:

Հոյլ մը, որ ինքն իր վրայ կը դառնայ, կը գալարուի ու հետաքրքրական, իմա՝ խոստմնալից մեկնարկով ճամբայ ելած, հիմա միջին տարիքի գրողներ, սմքած տողեր կ’արտադրեն, վեր կամ առջեւ չ’արձանագրուիր, այլ աստ ու անդ լոյս տեսած անկողմնորոշ քերթուածներ հատորի տակ կը վազեն հաւաքուիլ եւ մարմաջը պատասխան կը ստանայ՝ հատոր մը դրինք հրապարակ: Մէկ հատոր աւելի բանաստեղծ ըլլալ:

Լռել գիտնալ, սուզուիլ տարիներու փորձառութեանց մէջ: Տարիներ ու տասնամեակներ կը յատկացուին գրական գործերու երկնումին համար:

Երեւոյթին գէթ մատնանշումը կը կատարուի այստեղ ու ընթերցողներէն անոնք որոնք իրենք զիրենք կը վերագտնեն երեւոյթին հորիզոնին՝ կրնան օգտուիլ:

Գրական (մ)ամուլ

Զուտ գրական մամուլի բացակայութիւնը ընդհանրացած երեւոյթ մըն է հայկական մակարդակի վրայ: Մշակութային որակի լրջօրէն հետամուտ հանդէսներն իսկ միշտ կիսագրական եղած են, գեղարուեստը երբեք առանց անտեսելու՝ «Ոստան», «Նաւասարդ» կամ «Մեհեան», «Անդաստան», «Մենք» ու մինչեւ «Ահեկան»: Զուտ գրականութիւն թերեւս չի շալկեր հայ մտքի միջավայրը, պայմաններու կամ սովորութեան բերումով: Միշտ զուգորդում կը փնտռէ, կը սփռուի: Ասիկա երեւոյթ է, որ աւանդութիւն մը կը կազմէ: Գրական զտումը կրնար անշուշտ մասնագիտական նեղմտութիւն ու մինչեւ կարելիութեանց սահմանափակում ալ ափ առնել: Հոնկէ, նեղութենէն կարելի ըլլար հաւանաբար սկիզբի մը անցնիլ, բացուիլ այլապէս: Փորձը չէ եղած՝ որ գիտնանք:

Գրական մամուլի աննկարագիր բնութիւնը ամէն քայլի կը զգացուի: Քանի քիչ գրող ունինք, ուրեմն պէտք է ամէն ինչ տպենք ու ամէն ինչ տպել կը նշանակէ ըստ երեւոյթին՝ քաջալերել: Մերժել գիտնալը կապ պիտի ունենար լրջութեան հրաւէրի մը հետ:

Գրական թերթ մը այսօր համաբնոյթ է գրական ժողովածոյի, «ծաղկեփունջի դրութիւն» կը կոչեն ոմանք:

Գրական կոչուած թերթերու խմբագրական կազմեր – եթէ յաճախ յիշատակուած անունացանկեր իմաստ ունին – , պարտքին տակ կը գտնուին ուղարկուած աշխատակցութիւն-կտոր մը մերժելու եւ մերժումին պատճառն ալ բացատրելու: Գրական թերթ մը յանուն չեմ գիտեր ի՞նչ գաղափարաբանութեան հիւանդանոցի կամ քարիթասի գործ ստանձնելու կը նուիրուի: Որպէսզի հայերէն լեզուով գրող ըլլայ՝ հարկ է գուրգուրալ անմակարդակ եւ սխալ հայերէն գործածողներու վրայ: Ախ ըլլայի՜ն մնայուն հանդիպումներ, ուր այս հարցերը քննարկուէին, հեղինակները իրենց երկերով հրաւիրուէին եւ յաւուր պատշաճի ձեւակերպութիւններէ անդին վէճ ու խնդիրներու բանաձեւում կատարուէր, յարգելով խօսքի մշակոյթի մը օրէնքները: Երկխօսութեան համար մեկնակէտերու հաւասարութիւնը կամ նմանութիւնը, մարդոց զարգացման համեմատելիութիւնը նախադրեալներ են, սակայն անոնք ալ յարատեւ խօսքին մէջ կրնան հասուննալ: Խօսքին յարատեւութիւնն ալ շատախօսութիւնը չէ, այլ՝ կրկնութեան պարագային, մէկ քայլէն միւսը անցնող, մէկէն երկուքին մեկնող ընթացք մը, որ չ’արգիլեր ետդարձներ, բայց կենսունակ շարժում է: Վերադարձը: Մտածուած վերադարձը:

Գրական քրոնիկի մը ներկայութիւ՞նը թերեւս օգտակար ըլլար:

Պարոնեանին հետեւողութեամբ ու շարունակելով իր խօսքը, ազատ մէջբերումով մը ըսենք՝ էշը երբ փողոցը զռայ՝ ներքին լուրերու կարգ կ’անցնի իր արտաբերածը, երբ Պատրիարքարանը զռայ՝ ազգային լուրերու (այս գալիքն է մեր աւելցուցածը՝), իսկ երբ գրական մամուլին մէջ՝ գրականութեան կարգ:

(Գր)ական մօտեցում

Չափանիշներու չգոյութեան եւ անոնց անկարեւորութեան տագնապ մը գոյութիւն ունի: Գրախօսականներ ժամանակ չունին չափանիշի հարցեր դնելու: Կամ կը գովեն կամ կը պատմեն, կը կրկնեն արդէն գրուածը, տարբեր բառերով վերարտադրելով զայն: Աժան ու անհամ: Կրկնաբանող գրական քննադատութիւն մը, ինքն իր մէջ դարձող գրական վերլուծում իբրեւ, որ կը խափանէ քննադատութեան դարձող ու դառնալով յառաջ գացող կարելիութիւնը: Գրական կտորին շուրջ դարձող, անոր ըսածները տարբեր բառերով վերարտադրող, կրկնող, ու զայն մէջբերող անդրադարձը առաջին կամ զէրօ աստիճանի մօտեցում մըն է:

Արժէքաւորի-անարժէքի հարցը պիտի դնէ ոչ թէ լոկ սահմանում մը – այս մէկը կը հաւնիմ, այն մէկը՝ ոչ – այլ մեկնող մօտեցումը ինք: Վերլուծումը, որ բանաստեղծութեան մը այս կամ այն տողը վեր կամ վար պիտի առնէ, զայն խորացումներու եւ ընդլայնումներու պիտի տանի, ան է որ արժէք մը պիտի տայ կտորին: Անհատական արժեւորման աւանդութիւն մը կայ, զոր ընթերցողը իր նախասիրութենէն կամ համակրանքէն բերած կ’ըլլայ, իր ընթերցողի ինքնակրթութենէն: Երկ մը սիրել կը նշանակէ անոր արժանիքէն առնուիլ, բանալ անոր արժանաւոր ըլլալու, պատշաճութեան, նոյնիսկ պատուի բեմ մը: «Պատիւ ըրէք»ը հոսկէ է որ կ’անցնի:

Միշտ ալ անձնականը, նախասիրութիւնը կը խառնուի գրականին: Գրականութիւնը իր հարցերով, եթէ կայ ան, կը փորձէ զանցել անձերը ու հասնիլ հարցերուն իբրեւ անանձնականացած երեւոյթներ: Մասամբ մը միայն: Սպասելի է, որ իւրաքանչիւր բանաստեղծական կամ գրական արտադրութիւն ներկայացուի, քննարկուի, որպէսզի տեսութիւնները բիւրեղանան: «Ես այսպէս կը գրեմ»ը տեսութիւն չի կրնար ըլլալ: Բանաստեղծը իր արտադրութեան առաջին ընթերցողը եթէ կրնայ ըլլալ, այն ատեն կրնայ անդրադառնալ իր ըրածին: Առանց այս անհատական անդրադարձին ներկայ անլրջութիւնը պիտի շարունակուի ու արդէն կը յարատեւէ ան:

Սպասուած թարմացումին դիմաց տակաւ ընդարմացում կը նկատուի: Այսպէս օրինակ, եթէ Լեւոն Էսաճանեանին համար բնական թուած ըլլայ իր գրչեղբայրը՝ Վարուժանը անմահներու կարգին դասել 1919ին, անոր նահատակութենէն միայն երեք տարի ետք հրատարակած «գրական ուսումնասիրութիւն» ենթախորագրուած երկին մէջ, ու զայն սկսիլ Վարուժանին նահատակի բնութագրումով, այսինքն անոր ճակատագրէն սկսելով մօտենալ գրականութեան, Վարուժանի նահատակութիւնը հոն իբրեւ «արիւնլուայ Քերթուած» կը կենայ աչքերուն առջեւ գրչեղբօր (Լեւոն Էսաճանեան, Անմահներ. Դանիէլ Վարուժան (Կեանքը եւ գործը), Կ. Պոլիս 1919, էջ 14), այդ արիւնը դեռ չէ անհետացած աչքերուն մէջ մերօրեայ կարգ մը գրախօսներու, երբ անոնք Վարուժանին կը մօտենան, ու այս կացութիւնը անոնք պատուով կրնան հաստատել: Առէք պատկերը իբրեւ փոխաբերութիւն:

Հայաստանեան (միա՞յն) գրական մամուլին մէջ յաճախ հանդիպած եմ “գրական քննադատութեան” տեսակի մը, որ հետեւեալ հոլովոյթը ունի. կենսագրական տուեալներ հրամցնել, անոնց մէջ թափանցիկ հետքեր որոնել, որոնք “կապ” մը ունենան տուեալ հեղինակին սա կամ նա քերթուածին մէջ գործածուած սա կամ նա բառին կամ պատկերին հետ. եթէ նոյն բառերը ըլլան հոն ներկայ`շատ աւելի «յստակ» կը դառնայ «կապակցութիւնը»։ Յետոյ կը կատարուին մէջբերումներ, սանկ նստեցնելու համար արտայայտուածը. իսկ մէջբերումը վերջբերումի պէս պէտք չ’ունենար յաւելեալ բացատրութեանց. մէջբերել եւ անցնիլ, կարծէք մէջբերումը ինքնին յստակութիւն մը ըլլար։ Վերջաւորութեան ալ նմոյշներ հրամցնել քերթուածներու։ Ասոր շատ աւելի շնորհալի, նոյնիսկ դասագրքային իմաստով արդարանալի հոլովոյթը կարելի է գտնել Մ. Իշխանի «Արդի Հայ Գրականութիւն» դասագրքին էջերուն։ Դասագրքային պայմանները կը թոյլատրեն նման մօտեցում.- կեանքը, գրական գործերը, գրական յատկանիշները։

Գրական վերլուծման անուան տակ կայ նաեւ հիացական գետնաքարշութեան պարագայ մը, որ տուեալ հեղինակը գոհ պահելու սխալի տուրքին տակ կքող փակումն է գրական մերձեցման նրբութեան:

Ե՞րբ պէտք ունի գրական քննադատը ձայն հանելու։ Անշուշտ` երբոր կ’ուզէ։ Ինքզինք պէտք չէ սակայն պարտադրանքի տակ դնէ։ Անպայման պէտք է մէկը բան մը գրէ՞ այս կամ այն գիրքին մասին։ Գրական ու գրութենական նշանառութիւն մը աւելի կարեւոր է: Գիտնալ ու՞ր փնտռել եւ փնտռաբանել:

Հայտէկըրի փիլիսոփայութեան տարրերուն, Ֆրանսայէն անցած անոնց մաղումներուն, Ի. դարու ֆրանսական փիլիսոփայագրական մտածողութեան հայկականացումը, հայկական արձագանգը Ի. դարու վերջին տասնամեակներուն որոշ թարմացում մը կը բերէ կացութեան: «Արձագանգ»ը հոս ժխտական իմաստ մը չունի: Յաճախ կը խօսուի տպաւորութեան ու ազդեցութեան մասին: Արձագանգ մը կ’աշխատի տուեալ մտածողութեան բառամթերքով ու համակարգով, բացայայտման կերպերով ու անոնց լեզուական անցումներով, յաճախ փոխադրութեան ճամբուն վրայ «ապրանք»ին կէսն է տեղափոխուած, ի՞նչ փոյթ: Արձագանգը պարտքեր չունի ամբողջական ըլլալու, ազատ մաքսանենգութիւն մըն է ու չ’զբաղիր արտօնութեան հարցերով: Արձագանգներուն աղբիւրներուն ընթերցումը շատ պիտի դիւրացնէր հայկականացման հոլովոյթին տրամաբանութեան յայտնաբերումն ու ուսումնասիրութիւնը:

Առանց այդ օտարահայկական երկամէկութեան պիտի առանձնանար «հայկական» մը, որ հայերէնով կու գայ մեզի, հայերէնով կը կարդացուի: Մինչդեռ լեզուն ինք աւելին է քան հայերէնն ու հայկականը կամ այլ ականներ, ըլլալով ականներու ստեղծիչ բխում:

Գրական երկի մը մէջէն արտաբերուելու են այդ իսկ երկէն բխող հաստատումներ, հաստատութիւններ, եթէ կ’ուզէք՝ տեսութիւններ, տեսնելու կերպեր, անոր ներսէն դէպի դուրս, դէպի ընդհանրական «ճշմարտութիւն» եկող սահմանումներ: Ոչ թէ մեր արդէն ունեցած ճշմարտութիւնները փնտռենք տուեալ գործին մէջ, ստուգենք՝ կա՞ն անոնք, կը համապատասխանե՞ն իրենց կայութեամբ մեր գիտցած-ունեցածներուն: Գրական անդրադարձը սակայն կը յայտնագործէ անծանօթը իբրեւ ճշմարտութիւն մը, եթէ կայ ան՝ յայտնագործումի արարողութիւնը:

Նախընտրելի է առասպել մը ստեղծել ու անոր հաւատալ, քան թէ պարտադրուած առասպել մը կուրօրէն ընդունիլ եւ շալկել: Գրականութիւնը ի վերջոյ ազատ ընտրութիւն մը չէ՞:

Գրական բանբասանքը շատ աւելի աշխոյժ է, անպաշտօն կամ կիսապաշտօնական մակարդակներու վրայ, թէեւ բնականաբար՝ ոչ արդիւնաւէտ: Թերեւս եթէ պաշտօնական բնոյթ կրէր ան, կարենայինք այսպէս կոչուած «գրական անկեղծութեան» հաւաքական մակարդակ մը նուաճել, գէթ բեղմնաւոր իմաստ մը տալու համար բանբասանքին, առանց իտէալական թեւումներու, ինչի որ վարժ ենք, այլ յանուն յառաջդիմութեան մը, մեր օրերուն յարմարող, ի վերջոյ ըլլալու համար ձեւով մը գոնէ ժամանակակից ու ոչ ժամանակընկէց: Բանբասողները միշտ միականի են, քանի չեն տեսներ, կամ չեն ուզեր տեսնել իրենք զիրենք միաժամանակ բանբասողի ու բանբասուողի դերերուն մէջ, որոնց երկուքին ալ մէջ կը մտնեն ու կ’ելլեն: Յետարդիականութեան բարիքներուն անծանօթ, թէեւ անոր խաղերուն տեղեակ:

Պատճառները մասամբ յստակ են, թէ ինչու՞ յաճախ մեր մօտ, Սփիւռքի մէջ, գրականութիւնը` հայրենասիրութեան, մամուլը` հայապահպանման, գրական քննադատութիւնը` հոգեխնամութեան, մշակոյթը կամ լեզուն` հայրենիքի, կրօնքը` ազգայինի դերեր կը խաղան կամովին, այնքան որ կը նոյնանան իրարու հետ անքակտելիօրէն։ Առաջինները կը մոռնան իրենց սկզբնական դերը եւ երկրորդ դերէն միայն կը վերադառնան առաջինին ի հարկին միայն։ Այս մոռացութիւնը երբեմն կամովին է ու երբեմն անգիտակից։ Այս դերերու փոխանակումն ու երբեմն իրարանցումը մաս կը կազմէ մեր հաւաքական ինքնութեան։ Բացառութիւններ, անհատներ, կրնան հակառակիլ ու իրենց անձնական ինքնութիւնը ստեղծել, որ կրնայ չնոյնանալ այս կացութեան հետ։ Անոնք կրնան յիշեցումներ կատարել ու մատնանշումներ ընել, նոյնիսկ լսելի ձայն դառնալ ու կացութիւնը շրջել։

Գրութիւններ կան, որոնք բացակայութիւն կը կազմեն։ Հրապարակը լեցուն է զզուեցուցիչ խօսքով ու դուն չես կրնար տալ անոր սահմանումներ, որովհետեւ անոնք չեն իյնար խօսքի սահմաններէն ներս։ Անոնք ձեւով մը կան, այո, սակայն իրենց կայութիւնը կայունութեան չի հասնիր, հետեւաբար անոնց տարբեր որակում պէտք է տալ, զանոնք կոչելով խօսքէն հեռու, բանահեռու գրութիւն, մինչեւ գրական բացակայութիւն։ Ի՞նչ է խօսքը։ Ան դնելու է նախ տեսական հանգոյց մը, գրութեան մէջ որեւէ տեղ, յետոյ միացնելու է տեսութեան մը բաղադրամասերը, անկանոն, բայց ի վերջոյ պէտք է դրութեանց շղթայ մը անկատար ամբողջութեան մը հասնի, վերածուի։ Ամբողջը «կատարեալը» չէ, թէեւ կրնայ անոր ձգտումին մէջ ըլլալ. ամբողջը միութիւն կազմող մտածումներու շարատուեալ մըն է։ Մտածումէ մը դէպի ուրիշը ուղղուած թելեր ու հիւսուածք գոյանալու են, որպէսզի կարելի ըլլայ խօսիլ տրամաբան ։ Յաջորդականութիւն մը, հետեւողութիւն մը միտքերու։ Զիրար հալածող, խոցող, չքացնող ու չքացող։ Մտածման շարժում ի վերջոյ։

Մայիս 2011, Պէյրութ
Արտատպուած ԲԱԳԻՆ գրական պարբերագիրքէն, Պէյրութ, ԽԹ. տարի, Ապրիլ-Մայիս-Յունիս, թիւ 2, 2011, էջ 44-51:

1 comment:

  1. Բազմաթիւ կարեւոր հարցեր կ՚ողողեն ընթերցողը այս յօդուածով։ Մտածելու կը մղեն։ Նոյնիսկ ահաբեկող տպաւորութիւն մը կը ձգեն,որ հայ գրականութիւնը, յարգելի բացառութիւններով,դուրս կը մնայ գրականութենէն ու իմացական շարժման զարգացումէն։ Արդեօ՞ք այլ տեսակէտներ,կարծիքներ յայտնուած են այս յօդուածին առթիւ։ Վրէժ-Արմէն Արթինեան

    ReplyDelete